2014-12-16 09:26:07

Ֆրանչիսկոս Պապի Սրի Լանքայ կատարելիք հովուական այցելութեան բնաբանը` ''Մնացէք իմ սիրոյս մէջ'' ։


(Ռ.Վ. 16 դեկտեմբեր 2014) Սրի Լանքայի Քոլոմպօ թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Մալքոլմ Ռանժիդ ներկայացնելով Ֆրանչիսկոս Պապի 13 – 15 յունուար 2015 Սրի Լանքայ կատարելիք ճամբորդութեան յայտագիրը յայտնած է իր գոհունակութիւնը հաստատելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայութիւնը պատիւ մըն է ու քաջալերանք Սրի Լանքայի համայն եկեղեցւոյ։
Կարդինալ Ռանժիդ խօսելով ապա առաքելական ճամբորդութեան բնաբանի ընտրութեան մասին, որ քաղուած է Յովհաննէսի աւետարանէն`''Մնացէք իմ սիրոյս մէջ'', հաստատած է թէ այդ ընտրանքը կատարուած է որովհետեւ այս քահանայապետութեան յատկանիշը սէրն է։ Ֆրանչիսկոս Պապի ամէն մէկ գործ ու խօսք մեզ կը հրաւիրէ մնալու Աստուծոյ սիրոյն մէջ ու զայն տանելու ուրիշներուն։ Այս մէկը թանկարժէք պատգամ մըն է մեզի ու համայն Սրի Լանքայի համար ուր Եկեղեցին կանչուած է ըլլալու խաղաղութեան, հաշտութեան ու սիրոյ պատգամաբերը։
Քոլոմպոյի արքեպիսկոպոսը հուսկ յայտնած է թէ ''հաշտութեան'' նիւթը կեդրոնական տեղ պիտի գրաւէ ճամբորդութեան ընթացքին, ակնարկելով Սրի Լանքայի մէջ պատերազմի յառաջացուցած վէրքերուն որոնք դարմանումի կը կարօտին` եղբայրական եւ խաղաղ համակեցութեան հոգիով։ Ան ապա մատնանշելով Երանելի Ժոզէֆ Վազի սրբադասման դատին յոյս յայտնած է որ սրբադասման արարողութիւնը կարելի ըլլայ կատարել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.